image

Անգարայէն զգուշացում Մոսկուային

Անգարայէն զգուշացում Մոսկուային

Անցեալ կիրակի Ռուսիոյ իշխանութիւնները յայտնած են, որ «Վասիլի Պիքով» պարեկային նաւը նախազգուշական կրակոցներ արձակած է Փալաուի դրոշով թրքական «Շուքրիւ Օքան» բեռնափոխադրող նաւին վրայ,  երբ նաւապետը չէ ենթարկուած «օրինական ստուգման» համար կանգ առնելու հրամանին, գրած է BBC։

Միջադէպը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ սեւծովեան ափի մօտ գտնուող չէզոք ջուրերուն մէջ:

«Բեռնանաւի նաւապետը չէ արձագանգած արգիլուած բեռներու փոխադրման համար զննման նպատակով կանգառի պահանջին։ Ռուսական ռազմանաւը բեռնանաւը հարկադրաբար կանգնեցնելու համար ինքնաբեր հրաձգային զէնքէն նախազգուշական կրակ արձակած է »,- յայտնած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Ստուգումէն յետոյ թրքական նաւը շարժած է դէպի ուքրանական Իզմայիլ նաւահանգիստ, ուրկէ կ'արտածուի ուքրանական գիւղամթերքը։

Չէզոք ջուրերուն մէջ տեղի ունեցած միջադէպէն յետոյ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Մոսկուայէն պահանջած են չսրել լարուածութիւնը Սեւ ծովուն մէջ։

Ըստ արեւմտեան վերլուծաբաններուն՝ միջադէպը կը վկայէ Սեւ ծովու լարուածութեան աճի մասին, որ կրնայ յանգեցնել այն երկիրներու ներգրաւման, որոնք ուղղակիօրէն չեն մասնակցիր ռուս-ուքրանական պատերազմին:

Յուլիսին Ռուսիան նախազգուշացուցած էր, որ կրնայ երրորդ երկիրներու բեռնատար նաւերուն վերաբերիլ որպէս պատերազմի մասնակից կողմ: