image

Անգարան «ջուրեր»ու մէջ

Անգարան «ջուրեր»ու մէջ

Հորդառատ անձրեւները կիրակի օր ջրհեղեղ առաջացուցած են Անգարայի մէջ, փողոցները վերածուած են գետերու, ջուրը քշած-տարած է շատ մեքենաներ, յայտնած է Daily Sabah-ը:

Ջրհեղեղը սկսած է երկրի հիւսիսը՝ Սեւ ծովու ափի երկայնքով հորդառատ անձրեւներէ ետք, որոնք մէկ շաբաթ առաջ առնուազն երեք մարդու կեանք խլած էին:

Թուրքիոյ օդերեւութաբանական ծառայութիւնը կը կանխատեսէ, որ երկուշաբթի օր Սեւ ծովու երկայնքով, Եգիական ծովու ափին եւ Միջերկրականի  արեւմտեան մասի վրայ  հորդառատ անձրեւները կը շարունակուին:

Նշուած է նաեւ, որ տարածաշրջանի վրայ կրնան յանկարծակի գահավիժիլ ջրհեղեղներ ու զօրաւոր քամիներ:

Հանրաճանաչ հանգստավայր Անթալիան եւս սպառնաիլիքի տակ է։