Ռուսաստանը յոյս ունի Անդրկովկասի մէջ «3+3» ձեւաչափի (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան + Ռուսաստան, Թուրքիա, Իրան) հնարաւորինս շուտ գործարկման, սակայն արեւմտեան երկիրները՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, այդ գործընթացը խոչընդոտելու փորձեր կը կատարեն, յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
«Մենք կը տեսնենք շարք մը արեւմտեան պետութիւններու, առաջին հերթին՝ ԱՄՆ-ի ցանկութիւնը՝ խանգարելու որոշ գործընթացներ», նշած է Զախարովան։ Անոր խօսքով՝ ամերիկեան կողմը, փորձելով կանխել բանակցային մեխանիզմի գործարկումը, ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ՝ Մոսկուային վերագրելով այդ ձեւաչափի ստեղծման նախաձեռնութիւնը։
Զախարովան յիշեցուցած է, որ նման մեխանիզմ ստեղծելու գաղափարը առաջարկած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները:
Շաբաթասկիզբին Վրաստան այցի ժամանակ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինը մասնաւորապէս ըսած է․ «Մինչեւ որեւէ նոր հարթակի մասին խօսելը, Ռուսաստանը, որ բռնակցած է Վրաստանի տարածքին 20 տոկոսը, պէտք է կատարէ 2008 թուականի հրադադարի պայմանագիրը»։