image
Հրատապ լուրեր:

Ամուլսարի հարց. Կառավարութիւնը թաքուն կը պահէ Foley Hoag-ի հետ կնքուած գործարք-պայմանագրի տուեալները

Ամուլսարի հարց. Կառավարութիւնը թաքուն կը պահէ Foley Hoag-ի հետ կնքուած  գործարք-պայմանագրի տուեալները

Միջնորդ դատարանի մշտական պալատը (PCA) յունուարի վերջաւորութեան հայկական կողմին տեղեկացուցած է, որ կը վարէ Միացեալ Նահանգներու մէջ գրանցուած «Ամուլսար ինվեսթըր վենչըր» Սահմանափակ պատասխանատւութեամբ ընկերութիւնը (Amulsar Investor Ventures LLC, խմբ.) ընդդէմ Հայաստանի Հանրապետութեան գործը։ Ըստ առկայ տուեալներու՝ իրաւարարային այս գործը կը վերաբերի Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման նախագիծին։ Բացի Միջազգային իրաւական հարցերով ներկայացուցիչի գրասենեակէն, Հայաստանի շահերու պաշտպանութեան մէջ ներգրաւուած է նաեւ Foley Hoag ընկերութիւնը։ Կառավարութիւնը, սակայն, գաղտնի կը պահէ ամերիկեան այս ընկերութեան հետ կնքուած պայմանագրի գինը՝ նշելով, թէ գործի գաղտնիութեան պատճառով չի կրնար տրամադրել այն։

Ինչպէս հաղորդած է Global Arbitration Review-ն, No. 2023-66 գործը յարուցուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ ներդրումներու փոխադարձաբար խրախուսման եւ պաշտպանութեան մասին» պայմանագրի եւ 1976 թուականին ընդունուած ԵՈւՆՍԻԹՐԱԼ-ի (ՄԱԿ-ի միջազգային առեւտուրի իրաւունքի յանձնաժողով, խմբ.) իրաւարարային կանոնադրութեան հիման վրայ։

Իրաւարարային այս գործը կը վերաբերի Ամուլսարի հանքավայրի նախագիծին։ Դեռ 2019 թուականի մարտին յայտնի դարձած էր, որ «Լիտիան ինթըրնաշընլ» ընկերութիւնը, որուն այդ ժամանակ ամբողջութեամբ կը պատկանէր Ամուլսարի ոսկիի արդիւնահանման նախագիծը, ՀՀ իշխանութիւններուն ծանուցած էր, որ Գանատայի ու Մեծ Բրիտանիոյ հետ Հայաստանի ներդրումային պայմանագրերու հիման վրայ միջազգային իրարաւարութեան դատարանէն ներս վէճ պիտի սկսի։ Այդ հանգամանքը դեռ նոյն տարուան յունուարին չէր բացառած ընկերութեան կայուն զարգացման գիծով փոխնախագահ Արմէն Ստեփանեանը՝ յայտարարելով, որ «Ամուլսար տանող ճանապարհներու ապօրինաբար փակ ըլլալու պատճառով, ընկերութիւնը դատարան պիտի դիմէ Կառավարութենէն իրենց կրած կորուստներու փոխհատուցում ստանալու համար»։ 

Յիշեցնենք, որ 2018 թուականի յունիսէն Ամուլսար տանող ճանապարհը սկիզբը փակած էին Վայոց ձորի մարզի բնակիչները, իսկ այնուհետեւ անոնց միացած էին նաեւ բնապահպանները, որոնք կը պահանջէին դադրեցնել Ամուլսարի շահագործմանն ուղղուած որեւէ գործողութիւն։

Սակայն 2019 թուականի օգոստոսին այս վէճը կարծես թէ լուծուեցաւ, քանի որ Հայաստանի կառավարութիւնը յայտարարեց, որ հանքի շահագործումը չի վնասեր շրջակայ միջավայրին, իսկ վարչական դատարանը ոստիկանութեան պարտաւորեցուց վերացնել «Լիտիան Արմենիա»-ին սեփականութեան իրաւունքով պատկանող 39.740911, 45.609243 եւ 39.734013, 45.608475 չափագրումներով անշարժ գոյքերու տարածք կատարուած ներխուժումները: