image

ԱՄՆ-ը պէտք է դադրեցնէ բոլոր ռազմական եւ անվտանգութեան յատկացումներն Ատրպէյճանին. ԱՄՆ քոնկրեսականներ

ԱՄՆ-ը պէտք է դադրեցնէ բոլոր ռազմական եւ անվտանգութեան յատկացումներն Ատրպէյճանին. ԱՄՆ քոնկրեսականներ

ԱՄՆ 66 քոնկրեսական երկրի Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնաժողովին կոչ ըրած է 200 միլիոն տոլար յատկացնելու Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած փախստականներուն, աւելցնելու ԱՄՆ ռազմական օգնութիւնը Հայաստանին, դադրեցնելու բոլոր ռազմական ու անվտանգութեան յատկացումները Ատրպէյճանին եւ ուսումնասիրելու ատրպէյճանցի պատերազմական յանցագործներու դէմ պատժամիջոցներու կիրառման հարցը։

Նամակն ուղարկուած է Քոնգրեսի Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու ենթայանձնաժողովի նախագահ Մարիօ Տիաս-Պալլարթին եւ քոնկրեսական Պարպարա Լիին:

Քոնկրեսականները նամակին մէջ կոչ ըրած են նաեւ Հայաստանին յատկացնելու 20 միլիոն տոլար ռազմական ֆինանսաւորում, 10 միլիոն տոլար՝ արտերկրի մէջ ռազմական կրթութեան եւ վերապատրաստման համար, եւս 10 միլիոն տոլար՝ իրաւական բարեփոխումներու, 10 միլիոն տոլար էլ՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու համար:

Նամակի հեղինակները յատկապէս մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանի դէմ նոր պատերազմ հրահրելու՝ Ալիեւի ռեժիմի մտադրութիւններու վերաբերեալ։ Քոնկրեսականներն ըսած են, որ Իլհամ Ալիեւն իր ցեղասպան գործողութիւններով բազմիցս ապացուցած է, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ արդար խաղացող չէ, եւ Միացեալ Նահանգները պէտք չէ որեւէ օգնութիւն տրամադրէ անոր ռեժիմին անվտանգութեան ոլորտի մէջ:

Ամերիկացի օրէնսդիրները դատապարտած են ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ միջազգային կազմակերպութիւնները, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պատասխանատւութեան չեն ենթարկեր մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար: «Վաղուց ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները լրջօրէն մտածէ պատժամիջոցներ սահմանելու մասին, որ ատրպէյճանցի պաշտօնեաները պատասխանատւութեան ենթարկուին միջազգային իրաւունքի բոլոր խախտումներու համար»,-ըսուած է նամակին մէջ։