ԱՄՆ ռազմական օդանաւերու նոր պատուէրներու ապշեցուցիչ աճը յունիսին յանգեցուցած է արդիւնաբերական ապրանքներու պահանջարկի անսպասելի աւելացման: Այս մասին կը հաղորդէ AFP-ն:
Առեւտուրի նախարարութիւնը յայտնած է, որ ռազմական օդանաւերու եւ պահեստամասերու նոր պատուէրները մայիսի համեմատ աճած են 80,6 տոկոսով, որու հետեւանքով բոլոր երկարաժամկէտ ապրանքներու ընդհանուր պատուէրներու ծաւալը մէկ ամսուան մէջ 1,9 տոկոսով աւելցած է՝ հասնելով 272,6 միլիառ տոլարի:
Պատուէրներն աճած են վերջին ինը ամիսներուն, եւ հակառակ փոխադրային հատուածի անկայունութեան՝ նոր պատուէրները աճած են 0,3 տոկոսով:
Աճը կը վկայէ կայուն պահանջարկի մասին, նոյնիսկ հակառակ անոր, որ ԱՄՆ-ի մէջ սանձազերծուած գնաճը (inflation) հասած է 40 տարուան մէջ առաւելագոյնին, սակայն տնտեսագէտները կը զգուշացնեն, որ Ուքրանիոյ պատերազմի հետեւանքով առաջացած անորոշութիւնը կրնայ խաթարել ձեռնարկատէրութիւններու ներդրումային ծրագրերը, որ կրնայ յանգեցնել պատուէրներու կրճատման՝ առաջիկայ ամիսներուն: