image

ԱՄՆ պիւտճէն չէ հաստատուած․ «շաթտաուն» սկսած է

ԱՄՆ պիւտճէն չէ հաստատուած․ «շաթտաուն» սկսած է

 

Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական (ֆետերալ) կառավարութիւնը այսօր՝ հոկտեմբեր 1-էն, մասնակիօրէն դադրեցուցած է իր գործունէութիւնը․ Միացեալ Նահանգներու պիւտճէն չէ հաստատուած։ Քոնկրեսին մէջ ծագած քաղաքական տարակարծութիւններու հետեւանքով հարիւր հազարաւոր պետական ծառայողներ պիտի ստիպուին ժամանակաւորապէս դադրեցնել իրենց աշխատանքը, մինչդեռ կարեւոր գերատեսչութիւնները պիտի գործեն սահմանափակ ռեժիմով։

Տարակարծութիւններու հիմքը Հանրապետական եւ Դեմոկրատ օրէնսդիրներու միջեւ խորացած հակասութիւններն են՝ պիւտճէթային առաջնահերթութիւններու շուրջ, ներառեալ առողջապահութեան, հասարակական ծրագիրներու եւ ներգաղթի վերահսկման հարցերուն մէջ։ Ծերակոյտին ներկայացուած միջանկեալ ֆինանսաւորման նախագիծը ձախողեցաւ՝ չհաւաքելով անհրաժեշտ ձայները։

Միացեալ Նահանգներու մէջ այս մէկը արդէն 25-րդ «շաթտաուն»-ն է վերջին յիսուն տարուան ընթացքին։

Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ Հանրապետական առաջնորդները կը պնդեն, որ անհրաժեշտ է կրճատել «անարդիւնաւէտ ծախսերը» եւ վերատեսութեան ենթարկել ներգաղթի քաղաքականութիւնը՝ նախքան նոր ֆինանսաւորման փաթեթի հաստատումը։

Վերլուծաբաններու գնահատմամբ, եթէ «շաթտաուն»-ը տեւէ քանի մը օրէն աւելի, ան կրնայ նշանակալի բացասական ազդեցութիւն ունենալ Միացեալ Նահանգներու տնտեսական աճին վրայ՝ յատկապէս սպառողական ծախսերու եւ պետական պատուէրներու ոլորտներուն մէջ։