Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը ժամանած է Ճափոն: Ան հոկտեմբեր 27-էն եռօրեայ այցով պիտի գտնուի Ճափոնի մէջ՝ նոր վարչապետ Սանաէ Թաքաիչիի եւ կայսր Նարուհիթոյի հետ հանդիպելու համար։
Յիշեցնենք, որ սա Թրամփի չորրորդ այցը պիտի ըլլայ Ճափոն՝ որպէս Միացեալ Նահանգներու նախագահ, եւ առաջինը՝ 2019 թուականի յունիսէն ի վեր, երբ ան մասնակցած էր Օսաքայի մէջ կայացած G20 գագաթնաժողովին։
Սա անոր առաջին այցն է Ճափոն իր երկրորդ ժամկէտի ընթացքին։