image

ԱՄՆ- Իրան բանակցութիւններ՝ Օմանի մէջ

ԱՄՆ- Իրան բանակցութիւններ՝ Օմանի մէջ

Շաբաթ՝ 12 ապրիլին, Օմանի մէջ Իրանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բարձր մակարդակի ոչ ուղիղ բանակցութիւնները պիտի վարեն Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղքին եւ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆը. այս մասին Tasnim-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Արաքչին:

«Իրանն ու ԱՄՆ-ը պիտի հանդիպին շաբաթ օր, Օմանի մէջ՝ բարձր մակարդակի ոչ ուղիղ բանակցութիւններու համար: Սա ե՛ւ հնարաւորութիւն է, ե՛ւ ստուգում (նկատի ունի ԱՄՆ-ի մտադրութիւնները-Խմբ.), գնդակը կը գտնուի ամերիկեան դաշտին մէջ»,- աւելի վաղ գրած էր Արաքչին X-ի էջին։ 

Երէկ Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ բանակցութիւններէն ետք ըսած էր, որ ԱՄՆ-ն եւ Իրանը ուղիղ բանակցութիւններ պիտի վարեն։ 

«Մենք ուղիղ բանակցութիւններ պիտի վարենք Իրանի հետ, եւ ատոնք արդէն սկսած են։ Շաբաթ օր ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ գրեթէ ամենաբարձր մակարդակով շփումներ տեղի պիտի ունենան։ Կը կարծեմ՝ բոլորը համաձայն են, որ գործարքի կնքումը նախընտրելի պիտի ըլլար։ ԱՄՆ-ն ազնիւ եւ շահաւէտ գործարքներ պիտի կնքէ այլ երկիրներու հետ, իսկ հակառակ պարագային՝ անոնց հետ ոչ մէկ ընդհանուր բան պիտի ունենայ։ ԱՄՆ-ը կը նախընտրէ Իրանի միջուկային ծրագրերու հարցը կարգաւորել բանակցութիւններու միջոցով, որ կը համապատասխանէ նաեւ Թեհրանի շահերուն»,-ըսած էր ան։