Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի նոր համանախագահ նշանակելու վերաբերեալ պաշտօնական Պաքուէն հնչած յայտարարութեանն այն մասին, թէ նման քայլերը «չեն կրնար նպաստել հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման»։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, Համաշխարհային հանրային կապերու գրասենեակի (Bureau of Global Public Affairs) փոխխօսնակ Ուետանթ Փանթըլ, անդրադառնալով ատրպէյճանական կողմի յայտարարութեան, մասնաւորապէս նշած է, որ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ֆիլիփ Ռիքըրը «Կովկասի մէջ բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական նշանակած է՝ ընդգծելու մեր յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին»։ «Որպէս երկիր՝ մենք յանձնառու ենք դիւրացնելու ուղիղ երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ երկկողմ, բազմակողմ մակարդակներով, ինչպէս նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ համագործակցութեան միջոցով՝ հասնելու երկու երկիրներու միջեւ համապարփակ խաղաղ կարգաւորման»,- նշած է ան։
Փանթըլ անգամ մը եւս յիշեցուցած է, որ այսուհետ դեսպան Ռիկըր պիտի ներկայացնէ Միացեալ Նահանգները թէ՛ Մինսքի խումբին մէջ, թէ՛ Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններուն։
Նշենք, որ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի՝ փորձառու դիւանագէտ Ֆիլիփ Ռիքըրը Կովկասի հարցերով բանակցութիւններուն գլխաւոր խորհրդական նշանակելու եւ վերջինիս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ համանախագահի գործառոյթներ վստահելու որոշման յաջորդած էր Ատրպէյճանի ԱԳՆ հերթական անհիմն յայտարարութիւնը, որուն մէջ նշուած էր, թէ «․․․գրեթէ չգործող Մինսքի խումբը վերակենդանացնելու փորձերը կրնան յանգեցնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ԱՄՆ-ի հեռացման»։ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-էն յայտարարած էին նաեւ, թէ «ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորուած է»՝ աւելցնելով, որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը ԼՂ հարցի հետ կապելը «որեւէ կերպով չի նպաստեր այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման»։