image

Ամիրեանի փողոցի հարցով կալանաւորեալ

Ամիրեանի փողոցի հարցով կալանաւորեալ
ՀՀ քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ իրականացուած մեծածաւալ քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններու հետեւանքով պարզուած են 18 Յուլիսի 2021-ին Երեւանի Ամիրեան փողոցի մէջ տեղի ունեցած խուլիկանութեան դէպքի շարք մը հանգամանքներ, ենթադրեալ յանցագործութիւն կատարած անձի ինքնութիւնը, որ Երեւանի բնակիչ Ռոպերթ Սուքիասեանն է:
 
Քննութեամբ ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն՝ Ռոպերթ Սուքիասեանը, երթեւեկութեան ընթացքին իր ծանօթի կնոջ Նարեկ Կարապետեանի կողմէ ձայնային ազդանշան տալու եւ վիրաւորանքներ հասցնելու շուրջ պարզաբանումներ ստանալու նպատակով, 18 Յուլիս 2021-ին՝ ժամը 19:15-ի սահմաններուն, Երեւան քաղաքի Ամիրեան փողոցին մէջ վերոնշեալ ծանօթի եւ խումբ մը անձանց հետ վիճաբանած է Ն.Կարապետեանի  եւ անոր  ընկերոջ հետ, որու ընթացքին բացայայտ անյարգալից վերաբերմունք դրսեւորելով հասարակութեան նկատմամբ՝ նշուած անձինք հայհոյանքներ հնչեցուցած եւ փոխադարձ հարուածներ հասցուցած են իրար: Այդ ընթացքին Ռոպերթ Սուքիասեանն, իր անձի առաւելութիւնն ընդգծելու մոլուցքով տարուած, նախ` գլուխով, ապա՝ բռունցքով, հարուածած է Ն.Կարապետեանի  դէմքին, որմէ ետք հանած ու ցուցադրաբար լիցքաւորած է օրինական հիմունքներով իրեն պատկանող «BROWNING» տեսակի 9x17 տրամաչափի մարտական ատրճանակը, ապա՝ շարունակելով խուլիկանական գործողութիւնները՝ նշուած ատրճանակէն 2 կրակոց արձակած է վերջինիս ոտքերու ուղղութեամբ՝ գետնին՝ շուրջը գտնուող անձանց մօտ առաջացնելով վախի մթնոլորտ:
 
Այնուհետեւ Ռոպերթ Սուքիասեանը նոյն ատրճանակով կրակոց արձակած է նաեւ Նարեկ Կարապետեանի  ընկերոջ ուղղութեամբ՝ պատճառելով աջ սրունքոսկրի հրազէնային վնասուածք եւ հեռացած:
 
Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ՝ Ռոպերթ Սուքիասեանին մեղադրանք առաջադրուած է: Միջնորդութիւն ներկայացուած է դատարան՝ անոր նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կալանաւորում ընտրելու վերաբերեալ, որ բաւարարուած է: Վարոյթն իրականացնող մարմնի կողմէ որոշում կայացուած է՝ Նարեկ Կարապետեանը ձերբակալելու մասին, որու կատարումը յանձնարարուած է ՀՀ ոստիկանութեան համապատասխան ստորաբաժանման:
 
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի: