image

Ամերիկայի մէջ. Սառնամանիքի պատճառով մահացած է 63 մարդ

Ամերիկայի մէջ. Սառնամանիքի պատճառով մահացած է 63 մարդ

Միացեալ Նահանգներու մէջ սաստիկ սառնամանիքներու եւ ձնաբքի հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 63-ի. կը սպասուի, որ զոհերու թիւը դեռ կրնայ աւելնալ:

Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով  NBC հեռուստաալիքը։

Ըստ աղբիւրի՝ զոհերու մեծ մասը գրանցուած է Նիւ Եորք նահանգի արեւմուտքը՝ Պուֆալօ քաղաքին մէջ եւ անոր շրջակայքը՝ 33 մարդ։

Զոհերու թիւը դեռ կրնայ աւելնալ, նշած է հեռուստաալիքը։ Նահանգի այս հատուածին մէջ առատ ձիւնը կը շարունակուի, եւ իշխանութիւնները մտավախութիւն ունին, որ այդ կը յանգեցնէ աւելի շատ զոհերու։ Ձնաբուքի  հետեւանքով մարդոց մահուան դէպքեր գրանցուած են նաեւ 11 նահանգներու մէջ, այդ շարքին՝ Քանսասի, Քենթաքիի, Միսուրիի, Օհայոյի եւ Թենըսիի մէջ։

Ջերմաստիճանը շատ նահանգներու մէջ իջած է մինչեւ մրցանշային ցած մակարդակ:

ԱՄՆ-ի մէջ 25 դեկտեմբերին վատ եղանակի պատճառով, ըստ flightaware.com հարթակի, չեղարկուած է աւելի քան 1,8 հազար թռիչք։ Կը նախատեսուի, որ վատ եղանակը պիտի շարունակուի նաեւ այս շաբաթ։