image

Ամերիկայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը հունէն դուրս եկած է (Տեսանիւթ)

Ամերիկայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանը հունէն դուրս եկած է (Տեսանիւթ)

ՀՅԴ-ի երիտասարդները բողոքի հաւաք իրականացուցած են Ուաշինկթընի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց՝ ընդդէմ Ատրպէյճանի յարձաակումին: Անոնք բռնած են կարգախօսներ. «Ալիեւը պատերազմ կ'ուզէ», «Երեւանը խաղաղութիւն կ'ուզէ, Պաքուն՝ Երեւանը», «Ալիեւը մեղաւոր է պատերազմական յանցագործութիւններու համար», «Ալիեւ, դադրեցուր քաղաքացիական անձանց ռմբակոծութիւնը», «Յիշենք մեր հերոսները», «Պայտըն, դադրեցուր Ատրպէյճանի զինումը»:

Անոնք վարկարկած են՝ «Ստեփանակերտը Հայաստան է, Արցախը Հայաստան է», «Դուք մարդասպաններ էք», «Դուք ահաբեկիչներ էք», «Ամօթ Ալիեւին», «Միջանցք պիտի չըլլայ»:

Բողոքի հաւաքի ժամանակ դեսպանատան շէնքէն դուրս եկած է դեսպանատան առաջին քարտուղարը, որ պատռած է դեսպանատան ցանկապատին փակցուած Հայ Երիտասարդական Դաշնակցութեան ցուցանակը, ապա բացայայտօրէն սեռական բնոյթի հայհոյանքներ տեղացուցած է բողոքին մասնակից կանանց հասցէին:

Ան շէնք մտած ատեն եւս հրապարակայնօրէն, բացայայտ եւ բազմիցս սպառնացած է սեռական ոտնձգութիւններու ենթարկել հայ կանանց, որոնք կը բողոքէին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած հայերու սպանդի, խոշտանգումներու եւ անդամահատման դէմ: