image

Ամերիկահայ համայնքային գործիչ եւ բարերար Հրանդ Աղպապեանի կորուստը

  Ամերիկահայ   համայնքային գործիչ եւ բարերար Հրանդ Աղպապեանի կորուստը

Օրերս, Լոս Անճըլըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ազգային բարերար, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ անդամ՝ Հրանդ Սիրական Աղպապեանը։

«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ  ԱՀԱԸ-Ի (Ամերիկայի   Հայ  Աւետարանչական Ընկերակցութեան) պաշտօնական  էջէն , ուր  մասնաւորապէս գրուած է ՝

Խոր վիշտով կը հաղորդենք, թէ երէկ՝ 10 Յունուարին, Լոս Անճըլըս, Գալիֆորնիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց ԱՀԱԸ-ի երկարամեայ աջակից եւ վարչութեան նախկին անդամ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի աշխոյժ անդամներէն՝ Հրանդ Սիրական Աղպապեանը    (29 Մարտ, 1929 – 10 Յունուար, 2024)։

Հրանդը ծնած էր Միջերկրական ծովի Կիպրոս կղզիին մէջ, հասակ առած՝ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքին մէջ, ապա 1948 թուականին ան  գաղթած էր ԱՄՆ։

ԱՀԱԸ-ի գործադիր տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան ջերմօրէն կը յիշատակէ. «Հրանդ Աղպապեանի ներդրումը Ամերիկայի՝ հոգեւոր, մտաւոր եւ բարեգործական կեանքէն ներս խոր ու անգնահատելի է։ Հրանդը պիտի կարօտնանք, բայց անոր ժառանգութիւնը յաւերժ պիտի ապրի բոլոր այն սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, զորս ան գրաւեց, իր նախագծած յուշարձաններուն ընմէջէն եւ հարստացուցած համայնքներուն ճամբով»:

Հրանդի անգնահատելի գիտելիքները՝ հայկական Սփիւռքի եւ յատկապէս Հայ Աւետարանական համայնքի մասին առաջնորդուած էին այն չափանիշներով, զորս սերմանած էին իր ծնողները՝ վերապատուելի Սիրական եւ Բարուհի Աղպապեանները։

Անոր յիշատակը կ՚ապրեցնեն իր կինը՝ Ալիծ Աղպապեանը, որդին՝

Արի Աղպաբեանը եւ դուստրը՝ Արենի Աղպապեան Խուտաւերտին։

Երբ մենք կը սգանք Հրանդ Աղպապեանի մահը, միեւնոյն ժամանակ կ՚ուրախանանք իր ապրած կեանքով եւ մխիթարութիւն կը գտնենք Յարութեան Յոյսով: