image

Ամերիկա դադրեցուց Վրաստանին ուղղուած օգնութիւնները. Պլինքըն

Ամերիկա դադրեցուց Վրաստանին ուղղուած օգնութիւնները. Պլինքըն

ԱՄՆ-ը դադարեցուց օգնութիւնը Վրաստանին՝ անոր կառավարութեան գործողութիւնները համարելով անհամատեղելի ԵՄ-ին եւ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան հետ։

Այս մասին յայտարարած է արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն։

Մայիսի կէսերուն ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ'Պրայընը Թիֆլիսի մէջ կայացած մամուլի ասուլիսին ըսած էր, որ Ուաշինկթըն կրնայ անձնական պատժամիջոցներ կիրառել Վրաստանի ղեկավարութեան դէմ, եթէ օտարերկրեայ գործակալներու մասին ընդունուած օրէնքը չհամապատասխանէ միջազգային չափանիշերուն։

Օ՛Պրայընը աւելցուցած էր, որ ամերիկեան կողմը նոյնպէս կրնայ դադրեցնել ֆինանսական օգնութիւնը։