Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հայրապետական այցով մեկնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։
Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին յայտնած են Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգէն, նշելով, որ այցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմական եւ ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ։