image

Աւետարանչականը պատնէշի վրայ. Ստեփանակերտի մէջ արդիական մանկապարտէզ պիտի կառուցուի

Աւետարանչականը պատնէշի վրայ. Ստեփանակերտի մէջ արդիական մանկապարտէզ  պիտի կառուցուի

Մինչեւ 2022 թուականի վերջ, Արցախը տօնելու նոր նախագիծ պիտի ունենայ. աւելի քան 200 երեխայ պիտի կարենայ անվճար վայելել իր «երկրորդ տունը» Ստեփանակերտի Թումանեան փողոցին վրայ:

Ժամանակակից մանկապարտէզը, որ նախագծուած է Հայաստանի առաջատար ճարտարապետներու կողմէ, պիտի ծառայէ արդիական մեթոտներով կրթելու եւ զարգացնելու մատաղ սերունդը, որ օր մը պիտի ժառանգէ հայրենի հողը:

AMAA-ն կը շարունակէ վաղ տարիքէն հայ անհատին համակողմանիօրէն կրթելու իր առաքելութիւնը: Մարտակերտի, Ասկերանի ու Շուշիի մէջ նմանատիպ նախաձեռնութիւններէն յետոյ, «Մանկիքեան» նոր մանկապարտէզը պիտի ըլայ AMAA-ի չորրորդ նախադպրոցական ծրագիրը Արցախի մէջ:

Արցախի կողքին ըլլալու մեր վճռականութիւնը աւելի մեծ է քան երբեւէ, յատկապէս այս դժուարին ժամանակներուն մէջ:

Ճիշդ ժամանակն է` շէնցնել մեր պապենական հողերը: