Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան 106րդ Տարեժողովի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ 18 Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի Jonathan Club-ին մէջ, «Հաւատարիմ մեր ժառանգութեան» բնաբանով։
Ճաշկերոյթը պիտի նշէ աւարտը ընկերակցութեան 106րդ Տարեժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ նոյն օրը առաւօտուն, Կլենտէյլի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ մէջ։ Սոյն ճաշկերոյթը պիտի պատուէ նաեւ ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդի նախկին նախագահ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանը։
Ճաշկերոյթին հանդիսավարը պիտի ըլլայ Ֆրեզնոյի National Raisin Company-ի նախագահ ԼինտաՔէյ Ապտուլեան, որ նաեւ ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդին անդամ է եւ առաւել քան 25 տարիներէ ի վեր մեծ նուիրումով ներգրաւուած է Աւետարանչականի զանազան մարզերուն մէջ։ «Երբ ձեր ժամանակը եւ տաղանդը կը տրամադրէք Աւետարանչականին, դուք փոփոխութիւն կը յառաջացնէք հոն, ուր օգնութիւն կը ցուցաբերուի ընկերակցութեան միջոցով» ըսաւ Ապտուլեան՝ աւելցնելով. «Հայ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ Աւետարանչականին երկար տարիներու համբաւը արդիւնք է անոր ղեկավարութեան նուիրուածութեան, ազնուութեան, հաշուետուողականութեան եւ խնամակալութեան։ Մենք օրհնուած ենք, որ ունինք բազմաթիւ նուիրեալ կամաւորներ, որոնք կը ծառայեն ընկերակցութեան՝ զանազան մակարդակներով»։
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը հիմնուած է 1918ին՝ իբրեւ պատասխան Հայոց Ցեղասպանութեան թողած աւերներուն։ Անոր առաքելութիւնը եղած է՝ աջակցիլ վերապրողներուն՝ վերականգնելով քանդուած համայնքները, եկեղեցիները եւ դպրոցները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։ Վերջին 107 տարիներուն ընթացքին, անիկա հաւատարիմ մնացած է իր ժառանգութեան։ Աւետարանչականը վերակառուցած, հիմնած, կառուցած եւ ամրապնդած է եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ համայնքներ աշխարհի զանազան վայրերու մէջ։ Ընկերակցութիւնը ամուր կերպով կանգնած է երեք հիմնարար սիւներու վրայ՝ աւետարանչութիւն, կրթութիւն եւ մարդասիրութիւն։
ԱՒԵՏԱՐԱՆՉՈՒԹԻՒՆ
Առաւել քան մէկ դարու իր ծառայութեան ընթացքին, Աւետարանչականը հետեւած է հաւատքը գործի դնելու կոչին՝ ծառայելով մարդոց ֆիզիքական եւ հոգեւոր կարիքներուն, աշխարհի տարածքին։
«Արեւ Ճամբար»ը (Frasier Park, CA), ուր մանուկներ, պատանիներ եւ երիտասարդներ կը ստանան հոգեւոր եւ կրթական սնունդ
Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի սաները, ուր աշակերտներ կը ստանան որակաւոր կրթութիւն
ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ
Տասնամեակներով Աւետարանչականը եղած է հայ կրթութեան հիմնաքարը՝ աջակցելով 22 կրթական հաստատութիւններու, զանազան երկիրներու մէջ։ Այս դպրոցները ամէն տարի կ՛ապահովեն հարուստ կրթական, հոգեւոր եւ մշակութային միջավայրեր առաւել քան 3000 աշակերտներու: Աւետարանչականը հիմնած, համահիմնած եւ աջակցած է դպրոցներու եւ համալսարաններու Հայաստանի, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, անոնց շարքին՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը՝ Սփիւռքի մէջ միակ հայկական բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնը, որ այս տարի կը նշէ իր 70ամեակը։
ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
Աւետարանչականի Armenia Medical Mission-ը առողջապահական ծառայութիւններ կը մատուցէ Վանաձորի (Հայաստան) կարիքաւորներուն
Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններէն մինչեւ Հայաստանի ներկայի մարտահրաւէրները, Աւետարանչականը ցուցաբերած է հետեւողական մարդասիրական աջակցութիւն։ Քրիստոսի օրինակով ներշնչուած՝ անիկա միջոցներ հայթայթած է, ծրագիրներ մշակած է եւ բժշկական, ընկերային ու նիւթական օգնութիւն տրամադրած է հազարաւոր խոցելի ընտանիքներու, անհատներու եւ կարիքաւոր մանուկներու։
«Աստուծոյ շնորհքով մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ մեր ժառանգութեան՝ նիւթական օգնութիւն տրամադրելով վարժարաններու, ներդրումներ կատարելով երիտասարդական եւ առողջապահական ծրագիրներու, օգնելով եկեղեցիներուն, որպէսզի տարածեն Քրիստոսի հանդէպ ունեցած մեր յաւերժական յոյսը, նպաստելով հայ մանուկներու կաթի ծրագիրին եւ ամառնային ճամբարներու, ինչպէս նաեւ աջակցելով Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն, որոնք կը համարկուին եւ իրենց ուրոյն տեղը կը գտնեն Հայաստանի մէջ», ըսաւ ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեան։
Ընկերակցութեան 106րդ Տարեժողովի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 18 Հոկտեմբերին, ժամը 6էն սկսեալ, Jonathan Club-ի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 545 S. Figueroa Street, Los Angeles, CA 90071։ Ճաշկերոյթին ընթացքին պիտի ցուցադրուի Աւետարանչականի գործունէութիւնները լուսաբանող տեսանիւթ մը եւ պիտի պատուէ իր նախկին նախագահը՝ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանը։ Զուարճալի եւ գեղեցիկ երեկոն պիտի հրամցնէ նաեւ յատուկ եւ բացառիկ երաժշտական կատարումներ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք կապ հաստատել ընկերակցութեան կեդրոնատեղիին հետ՝ Փարամուս, Նիւ Ճըրզի՝ (201) 265-2607 թիւով, կամ այցելելով կայքէջը:
Նշենք, որ Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ՝ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ՝ 23 երկիրներու մէջ, ներառեալ՝ Հայաստանի։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի կայքը։