image

Քալիֆորնիա. Կայացաւ AMAA-ի (ԱՀԱԸ) 106-րդ Տարեկան Համագումարը

Քալիֆորնիա. Կայացաւ AMAA-ի (ԱՀԱԸ) 106-րդ Տարեկան Համագումարը

Պաշտամունքի ընթացքին Վեր․ Շահնազարեան կատարեց յատուկ աղօթք մը յիշատակելու համար AMAA-ի այն անդամներն ու բարեկամները, որոնք անցած էին յաւիտենական կեանք՝ անցեալ համագումարէն ի վեր։

Պաշտամունքին աւարտին  Վեր․ Դոկտ. Վահան Հ. Թութիկեան՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր տնօրէնը, կատարեց նոր խորհրդի անդամներու պաշտօնակալումը եւ, ներկայ հովիվներուն հետ միասին,  առաջին օրհնութիւնը։

 Իր կարգին ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Սերժ Պուչաքճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ․

«Կ՚ուզեմ սրտանց շնորհակալութիւն յայտնել Կլէնտէյլի «Armenian Church of the Nazarene»-ի հովիւին՝ Վեր․ Սերոբ Մկրտիչեանին, եւ համայնքին՝ այս տարուան տարեկան համագումարը հիւրընկալելու եւ ցուցաբերած ջերմ հիւրասիրութեան համար։ Թող Աստուած առատօրէն օրհնէ այս եկեղեցին ու անոր ծառայութիւնը Կլենտէյլ շրջանին մէջ»։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) 106-րդ տարեկան համագումարը կայացաւ Շաբաթ, 18 Հոկտեմբեր 2025-ին, Կլենտէյլի «Armenian Church of the Nazarene»-ին մէջ։ Այս տարուան ժողովին եւ առնչուած ձեռնարկներուն ընդհանուր խորագիրն էր՝ «Հաւատարիմ մեր Ժառանգութեան»։

AMAA-ի Վարչական Խորհուրդի նախագահ Գարի Ռ. Ֆիլիպս (Gary R. Phillips, Esq.) բացաւ ժողովը՝ բարի գալուստ մաղթելով պատուիրակներուն եւ հրաւիրելով հիւրընկալ եկեղեցւոյ հովիւը՝ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը, առաջնորդելու հոգեւոր բացումը եւ աղօթքը։ Իբր ներշնչման աղբիւր վերցնելով Միքիա մարգարէին 6.8 հատուածէն՝ Վեր. Մկրտիչեան նշեց․

«ԱՀԱԸ-ի առաքելութիւնը ծրագիր կամ նախագիծ չէ միայն, այլ աստուածային կոչում մըն է՝ հաւատքի գործնական արտայայտութիւնը արդարութեան, ողորմութեան եւ խոնարհութեան միջոցաւ»։

Ժողովի ընթացքին Վարչական Խորհուրդի նախագահ Կարի Ռ. Ֆիլիպսը, Գործադիր Տնօրէն Սերժ Տ. Պուչաքճեանն ու Ֆինանսական Յանձնախումբի նախագահ Դոկտ. Նուրհան Հելվաճեան ներկայացուցին մանրամասն զեկուցումներ՝ ամփոփելով Միութեան գործունէութիւնը 2024–2025 ֆինանսական տարեշրջանին։ Լրացուցիչ զեկուցումներ ներկայացուեցան ԱՀԱԸ-ի Հայաստանի ներակյացուցչութեան , Յանձնախումբերու նախագահներուն եւ Հայ Աւետարանական Միութիւններու, Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի եւ միացեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ — բոլորը շնորհակալութիւն յայտնելով՝ աստուածաշնորհ եւ արգասաբեր ծառայութեան այս նոր շրջանին համար։

Ընդհանուր ժողովին ընթացքին ընտրուեցան ԱՀԱԸ-ի Վարչական Խորհուրդի նոր անդամներ՝ երեք տարուան պաշտօնավարութեան (Class of 2028) համար․  Անոնք են՝ Պըրայըն Աղպապեան, Վահէ Պալուզեան, Պըրայըն Պետրոսեան, Կրէկորի Պիլէզիքեան, Մարկ Գասապեան, Քէվին Գէորգեան,Արտա Մելքոնեան, Ճոզէֆ Ա. Սարաֆեանեւ Միշել Սիմուրեան։

Ժողովը փակուեցաւ աղօթքով Վեր. Ռընէ Լեւոնեանի, որ կը ծառայէ իբրեւ նախագահ Հայ Աւետարանական Եւրոպայի Ընկերակցութեան։

Շաբաթավերջի ծրագրին մաս կազմեց նաեւ հոկտեմբեր 17-ի խորհրդաժողով մը, ուր Վեր․ Հենտրիք Շահնազարեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան հովիւը, առաջնորդեց հոգեւոր խորհրդածութիւն մը Աւետարանի Փիլիպեցիներուն 1.3–6 հատուածէն՝ շեշտելով այն համագործակցութեան ոգին, որ կը բնութագրէ ԱՀԱԸ-ի ծառայութիւնը։

AMAA-ի տարեկան ժողովի շաբաթավերջը եզրափակուեցաւ 20 ՀոկտեմբերIN պաշտամունքով՝ դարձեալ Գլենտէյլի «Armenian Church of the Nazarene»-ին մէջ։ Պաշտամունքը առաջնորդեց  Վեր. Սերոբ Մկրտիչեան։ Վեր. Կալվին Սաղըրեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան նախագահն ու Սան Ֆրանսիսքոյի «Calvary Armenian Congregational Church»-ի հովիւը, մատուցեց անգլերէն քարոզ մը՝ վերնագրուած «Find Us Faithful»՝ Գործք Առաքելոց 1.1–8 հատուածին հիման վրայ։

Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճիքեան՝ AMAA-ի Աւստրալիոյ նախագահը եւ գործադիր տնօրէնը, մատուցեց հայերէն քարոզը՝ «Հաւատարիմ մեր Ժառանգութեան – Մենք ենք Կառուցողները» ընդհանուր թեմայով, հիմնուած Ա Կորնթացիներուն 3.1–17 հատուածին վրայ։

Պաշտամունքի ընթացքին Վեր․ Շահնազարեան կատարեց յատուկ աղօթք մը յիշատակելու համար AMAA-ի այն անդամներն ու բարեկամները, որոնք անցած էին յաւիտենական կեանք՝ անցեալ համագումարէն ի վեր։

Պաշտամունքին աւարտին  Վեր․ Դոկտ. Վահան Հ. Թութիկեան՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի գործադիր տնօրէնը, կատարեց նոր խորհրդի անդամներու պաշտօնակալումը եւ, ներկայ հովիւներուն հետ միասին,  առաջին օրհնութիւնը։

 Իր կարգին ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Սերժ Պուչաքճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եւ ըսաւ․

«Կ՚ուզեմ սրտանց շնորհակալութիւն յայտնել Կլէնտէյլի «Armenian Church of the Nazarene»-ի հովիւին՝ Վեր․ Սերոբ Մկրտիչեանին, եւ համայնքին՝ այս տարուան տարեկան համագումարը հիւրընկալելու եւ ցուցաբերած ջերմ հիւրասիրութեան համար։ Թող Աստուած առատօրէն օրհնէ այս եկեղեցին ու անոր ծառայութիւնը Կլենտէյլ շրջանին մէջ»։