image
Հրատապ լուրեր:

Ալիեւ պատրաստ է Փաշինեանի հետ հանդիպման

Ալիեւ պատրաստ է Փաշինեանի հետ հանդիպման

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնած է, որ պատրաստ է հանդիպելու Փաշինեանի հետ վերջինիս համար որեւէ յարմար պահի:

«Ես պատրաստ եմ հանդիպելու, եւ այս առումով արդէն  իմ դիրքորոշումս յայտնած եմ: Եթէ հայկական կողմը պատրաստ է, ապա ես նոյնպէս պատրաստ եմ: Մենք ունեցած ենք հանդիպում, որ տեղի ունեցած է այս տարեսկիզբին՝ եռակողմ ձեւաչափով: Այն կայացած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հրաւէրով: Ես պատրաստ եմ բանակցելու պարոն Փաշինեանի հետ որեւէ պահի, երբ վերջինս պատրաստ ըլլայ: Այս կերպ, ես պատրաստ եմ քննարկումներու եւ կը կարծեմ, որ այդ կրնայ լաւ ցուցիչ դառնալ այն բանին, որ պատերազմը աւարտած է, եւ այդ էջը թերթուած է», ըսած  է ան։

Յիշեցնենք, որ նախապէս ՀՀ Անխտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնած է, որ մօտ ժամանակներս կրնայ կայանալ Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպումը։