Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ France24-ին տուած հարցազրոյցի մը մէջ նշած է, որ առարկութիւն չունի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման հարցով:
Ալիեւ հարցազրոյցին մէջ նշած է, որ եթէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի միջնորդները (Ֆրանսա, ԱՄՆ եւ Ռուսաստան) հանդիպում կազմակերպեն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, ապա ինք առարկութիւն պիտի չունենայ: