Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան այսօր պիտի մեկնի Թուրքմենստան՝ մասնակցելու Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Թուրքմենստանի ղեկավարներու առաջին եռակողմ գագաթնաժողովին։
Երեք երկիրներու ղեկավարները պիտի քննարկեն առեւտուրի, ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան հետագայ խորացմանն ուղղուած քայլերը։
Թուրքիոյ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը յայտնած է, որ Էրտողան նաեւ երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ատրպէյճանի եւ Թուրքմենստանի ղեկավարներու հետ։