image

ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն՝ Տիար Զաւէն Խանճեանին ի պատիւ ընդունելութիւն՝ Պէյրութի մէջ

ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն՝ Տիար Զաւէն Խանճեանին ի պատիւ ընդունելութիւն՝ Պէյրութի մէջ

Օրերս   դէպի Լիբանան տրուած իր հերթական աշխատանքային այցելութիւնը ամփոփած է ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն՝ Տիար Զաւէն Խանճեան։

Նոյն ծիրին մէջ նուիրեալ գործիչը ընդունած է Լիբանանի հայ, թէ տեղական մարմիններու պատասխանատուները ՄԱՀԱԵՄ-ի յարկին ներքոյ։

Սարքուած ընդունելութեան մասին կը կարդանք ՄԱՀԱԵՄ-ի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնատեղիին մէջ ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 12 Յունիս 2023ին, ի պատիւ Պրն. Զաւէն Խանճեանի՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) Գործադիր Տնօրէն, եւ Տիկ. Սոնա Խանճեանի, ՄԱՀԱԵՄի Նախագահի Տեղապահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան հիւրընկալութեամբ։ Բազմաթիւ պաշտօնական հիւրեր եւ ներկայացուցիչներ՝ հայկական թէ ոչ-հայկական, զանազան եկեղեցիներէ, միութիւններէ եւ մարմիններէ ընդունեցին։ Բարեկամական ջերմ մթնոլորտի մէջ, յաջորդական այցելութիւնները կեդրոնացան ներկայ իրավիճաներու մէջ իրենց ընթացիկ գործունէութիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ այս ժամանակներու յատուկ մարտահրաւէրներու վրայ։ Խանճեաններուն հետ ներկայ էին Ամերիկայէն ժամանած՝ ԱՀԱԸ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տիկ. Պերճուհի Կիւլէսէրեան, ինչպէս նաեւ Դոկտ. Յասմիկ Պարան, Հայկազեան Համալսարանի Վարչական Մարմինի Ատենապետ։