Իր ամէնամեայ աշխատանքային շրջապտոյտներու ծիրէն ներս Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեանց Գործադիր Տնօրէն՝ Տիար Զաւէն Խանճեան օրերս գտնուած է Պէյրութ, ուր տեղի ունեցած են աշխատանքային այցեր եւ քննարկումներ։
Այս ծիրէն ներս տեղի ունեցած է ներ-համայնքային կարեւոր հանդիպում մը, որուն մասին ալ «Արեւելք» տեղեկացաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի։ Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութիւնը։
Հինգշաբթի, 8 Յունիս 2023ին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) ներկայացուցիչներ ՄԱՀԱԵՄ-ի Կեդրոնական Մարմինի անդամներու հետ հանդիպում ունեցան Միութեան Կեդրոնատեղիի մէջ, Միջին Արեւելքի իրենց տարեկան այցելութեան ընթացքին։ ԱՀԱԸ-ի Գործադիր Տնօրէն Պրն. Զաւէն Խանճեան, Նախագահ Տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան, «Մերձաւոր Արեւելքի Յանձնախումբ»ի Ատենապետ Տիկ. Պերճուհի Կիւլէսէրեան, եւ ԱՀԱԸ-ի Վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ երեք հոգի առցանց, աղօթքի հոգիով արժեւորեցին ԱՀԱԸ-ի մատուցած նեցուկը կրթական, զարգացման եւ նպաստի ոլորտներուն մէջ։
Խոր հետաքրքրութեամբ հետեւեցան եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ուրախութիւնները, մեծապէս գնահատելով այն նուիրումը եւ զոհաբերութիւնը որով գործը կը կատարուի՝ ի խնդիր Լիբանանի, Սուրիոյ եւ շրջանի հայ համայնքներուն։ Յատուկ շեշտ դրուեցաւ Հայ Աւետարանական դպրոցական եւ ընկերային ծառայութիւններու վրայ, թէ Հալէպի, թէ Պէյրութի եւ թէ ալ Այնճարի մէջ։ Ժողովին աւարտին՝ Պրն. Խանճեան մատնանշեց թէ ԱՀԱԸ-ի տուած նիւթական օժանդակութիւնը լոկ թիւեր չեն, ընդգծելով թէ «այս թիւերուն ետեւ կայ սէր, աւանդ, եւ քրիստոնէական կարեկցութիւն»։