image

Ահաբեկչութիւն ՝Սուրիոյ բանակին դէմ. Կայ ՝ 13 զոհ

Ահաբեկչութիւն ՝Սուրիոյ բանակին դէմ. Կայ ՝ 13 զոհ

Սուրիոյ «Ալ Պատիյա» շրջանին մէջ բանակային մարդատար կառք մը յարձակման ենթարկուած է։

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Ալ Մայատին» կայանը, որ նաեւ նշած է, որ ահաբեկչութիւնը ձեռագործն է «Տահէշ» խմբաւորման եւ դէպքին հետեւանքով զոհուած են Սուրիոյ բանակի 13  զինուորներ, մինչ տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուած են։

Յիշեցնենք, որ վերջին ժամանակներուն Սուրիոյ մէկ աւելի շրջաններու մէջ՝ «Իսլամական պետութիւն» կոչուած խմբաւորումը սկսած է աշխուժութիւն ցուցաբերել։