Աֆղանիստանի իշխանութիւնները թալեպանները զսպելու համար 34 նահանգներէն 31-ին մէջ գիշերային պարետային ժամ սահմանած են: Այս մասին տեղեկացուցած է Tolo News հեռատեսիլային կայանը` յղում տալով երկրի Ներքին Գործոց Նախարարութեան ներկայացուցիչին, գրած է ՌԻԱ Նովոսթի գործակալութիւնը:
Ներկայացուցիչին խօսքերով` պարետային ժամը, որ սահմանուած է թալեպաններու «գործունէութիւնը սահմանափակելու» նպատակով, կը գործէ տեղական ժամանակով 22:00-էն 04:00:
Նշուած է, որ պարետային ժամը չի տարածուիր երկրի 3 նահանգներու վրայ՝ Քապուլ, Նանկարհար եւ Փանճշեր:
Աֆղանիստանի մէջ առճակատում տեղի կ'ունենայ կառավարական զօրքերուն եւ «Թալիպան» շարժման գրոհայիններուն միջեւ, որոնք զգալի տարածքներ գրաւած են գիւղական բնակավայրերու մէջ եւ յարձակումներ սկսած են մեծ քաղաքներուն վրայ: