image

Աֆղանցիներու «մասունք»ներ ամերիկեան օդանաւուն վրայ

 Աֆղանցիներու  «մասունք»ներ  ամերիկեան  օդանաւուն վրայ

«Արեւելք»  աւելի   վաղ  անդրադարձած էր, թէ ինչպէս հարիւրաւոր աֆղանիստանցիներ վազած են  Քապուլէն դէպի Քաթար թռչող ամերիկեան ուժերու օդանաւներուն ուղղութեամբ, փախչելով «Թալեպան»  շարժման զինեալներէն։

Այս առումով Միացեալ Նահանգներու ամերիկեան օդուժի հետաքննութիւններու գրասենեակը  յայտարարութիւն տարածած է, թէ իր օդանաւի անիւներուն մէջեն գտնուած են մարմնի մասունքներ: «Կը քննուին բոլոր նիւթերը, նկարներն ու տեսանիւթերը, պարզելու դէպքի մանրամասնութիւնները»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Տեսանիւթերն ու նկարները ցոյց տուած են, թէ ինչպէս մարդիկ, առանց նկատի առնելու վտանգը,  կառչած են օդանաւի անիւներուն ու թեւերուն նախքան թռիչքը:

Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, օդանաւի թեւերէն կախուած շատ շատեր, թռիչքէն ետք ինկած են ու անմիջապէս մահացած:

Յիշեցնենք, թէ ամերիկեան օդանաւը վայրէջք կատարած էր Քապուլ, դէպի Քաթար շարունակելու իր թռիչքը, երբ հարիւրաւոր աֆղանիստանցիներ փախելու համար Թալեպանէն շրջապատած էին օդանաւը:

«Այդ վտանգաւոր եւ սուր իրավիճակին մէջ, օդանաւի անձնակազմը որոշում կայացուցած է արագօրէն մեկնիլ օդակայանէն», նշուած է նաեւ ամերիկեան յայտարարութեամբ: