Անցեալ Ապրիլին Ազգային ժողովը փոփոխութիւն կատարեց «Առեւտուրի եւ ծառայութիւններու մասին» օրէնքին մէջ։ Համաձայն փոփոխութեան, 2022 թուականի Յունուար 1-էն առեւտուրի իրականացման վայրերուն մէջ կ'արգիլուի մինչեւ 50 միքրոն հաստութեամբ փոլիէթիլենային տոպրակներու վաճառքը։
«Այն տնտեսավարողները, որոնք 2022-ի Յունուար 1-էն պիտի շարունակեն մինչեւ 50 միքրոն հաստութեամբ փոլիէթիլենային տոպրակներու օգտագործումը՝ բացառութեամբ երկրորդային հումքէն պատրաստուած տոպրակներու եւ պարկերու, ինչպէս նաեւ կշռափաթեթաւորման համար նախատեսուած պարկերու, պիտի ենթարկուին վարչական տուժի՝ 30 հազար դրամի չափով», կ'ըսուի ՀՀ Շրջակայ միջավայրի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։