image

Ռուս- Թրքական Նոր Պայքարը «Ժապալ Թըրքման»ին Համար

Ռուս-  Թրքական  Նոր Պայքարը  «Ժապալ Թըրքման»ին Համար

Թուրքիոյ  կողմէ   վար  առնուած   «Սուխոյ  24»  կործանիչին  վար առնուիլը   անկիւնադարձային   դէպք  մը ըլլալէ բացի   ծանրագոյն իրավիճակի կը հասցընէ   երկար ժամանակէ  ի վեր   առանց ատոր ալ անհանգիստ   վիճակ  ունեցող  Ռուսիա- Թուրքիա յարաբերութիւնները: Անվստահութիւնը  եւ Սուրիոյ  նախագահ Պաշշար Ասատի  ճակատագրին  մասին առկայ տարակարծութիւնը  այսօր կը մտնէ իր վատագոյն հանգրուանը: Տեղին է յիշատակել, որ   Թուրքիոյ նախագահն ու   վարչապետը  անցնող  մէկ շաբթուան ընթացքին     առանց դադարի կը խօսին  Սուրիոյ թուրքմէններուն դէմ եղած  զինուորական գործողութիւններուն մասին:  Այստեղ  պէտք է նաեւ ընդգծել,   որ «Ժապալ Թըրքան»ը (լուսանկար)     ռազմավարական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Թուրքիոյ համար   երկու հիմնական   պատճառներով: Առաջին,  որ   այդ շրջանը  կը  համարուի   Թուրքիոյ  թուրքմէններուն եւ  Սուրիոյ թուրքմէններուն  միջեւ    հիմնական  հանգուցային կէտը եւ երկրորդ, որ  Թուրքիա    խորապէս անհանգիստ է Սուրիոյ  բանակին   վերջին  շրջանին Ղումամ,  Զուայք, Նապըհ Ալ Մըր եւ  Ժապալ Ահմար   շրջաններուն տիրապետութեամբ: Ու   նաեւ չի բացառուիր, որ  այսօրուան ընթացքով      եւ ռուսական օդուժին  օգնութեամբ   գրանցուող    յառաջխաղացքը  պատճառ դառնայ, որ թրքական   սահմանային թիւրքմէն  բնակչութիւն ունեցող  գաւառները   Սուրիոյ  բանակին համար դառնան  բաց թիրախներ: Եւ ամէնէն կարեւոր կէտը այն է, որ   սուրիական ուժերուն այդ շրջանին տիրապետումը կարեւոր խաղաքարտ պիտի դառնայ յառաջիկային   կազմուելիք  ցանկացած  բանակցութիւններու  սեղանին  համար:  Չմոռնամ ըսել, որ շրջանին մէջ  կայ   Կարմիր Լեռը («Ալ Ժապալ Ալ Ահմար») որ  կը համարուի շրջանին  մէջ   գտնուող ամէնէն բարձր   եւ ռազմավարական կէտը:  Այս  բոլորէն անդին  կը մնայ կարեւորագոյն հարցումը. արդեօ՞ք   թուրք- ռուսական  «բաց  հակամարտութեան» մը  շեմին ենք: Երկար ժամանակէ ի վեր   Նէօ-Օսմանեան  դիրքերէ խօսող Էրտողան    յայտնուած է Ռուսիոյ նոր ցարին  հարուածային տեսադաշտին  ճիշդ կեդրոնը: Իսկ այս վտանգաւոր խաղին ամէնէն  մեծ  շահաւորը բնականաբար Միացեալ Նահանգներն են, որ  կարծես թէ  յաջողեցան  ամբողջ Թուրքիան   ռազմավարական  մեծ  թակարդի մը մէջ  գլորել:    

 

 Ս.  Ա.