Երէկ գիշեր հրթիռարձակման ենթարկուած է Սուրիոյ Հոմս քաղաքը։
Այս մասին լուրը հաղորդած է «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ հրթիռները արձակուած են գրաւեալ Կոլանի բարձունքներէն։
Թիրախներուն կամ հրթիռարձկաումներու հետեւանքներուն մասին ցարդ տուեալներ չեն հաղորդուիր։