Պաղեստինի Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարած է 20-ամեայ Ահմատ Իպրահիմ Օուէյտաթի մահուան մասին, այսօր առաւօտեան Աքապաթ Ժապր գաղթակայանին մէջ իսրայէլեան գնդակէն ստացած ծանր վէրքերուն հետեւանքով:
Ինչպէս նաեւ, տեղական աղբիւրները յայտնած են, որ 3 պաղեստինցի վիրաւորուած է իրայէլեան ուժերու գնդակէն, եւս երկու հոգի ձերբակալուած են Երիքովէն հարաւ գտնուող Աքապաթ Ժապր գաղթակայան ներխուժման պատասխանելու ժամանակ:
Առողջապահութեան նախարարութիւնը նշած է, որ պաղեստինցի երիտասարդի մը վնասուածքը ծանր է եւ ան կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ:
Այսօր` Երեքշաբթի, իսրայէլեան ուժերը գրոհած են Քապաթիա քաղաքը, որ կը գտնուի Ժըննին գաղթակայանէն հարաւ` Յորդանան գետի Արեւմտեան ափին մէջ:
Ընկերային ցանցերու մէջ աքթիւիսթները յայտնել են, որ Ժըննինէն հարաւ գտնուող Մասիլա քաղաքին մէջ պաղեստինցի երիտասարդներու եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ բախումների ժամանակ երկու մարդ վիրաւորուած է իսրայէլեան գնդակներէն: