image

Ժամն ու սէրը

Ժամն ու սէրը

Ժամանակն է մեծ գաղտնիքը,

Աղօթելու եւ փրկութեան,

Մօտենալու դէպի Աստուած,

Հանդիպելու իր բարութեան.

Հաւատա՛, թէ ժամանակը

Սիրոյ մէջ գոյութիւն չունի,

Յատուկ աշխարհին է տրուած՝

Որ միայն օգտագործըւի։

 

Պիտի յիշես երբ վերանաս,

Արժէքը քու ժամանակիդ,

Սրբութիւնը իր ինքնուրոյն,

Կենցաղըդ իր մէջը՝ ոսկի,

Որքա՜ն կեանք տալ կարող էիր

Կեանքիդ՝ ներկայ իր վիճակին,

Թէ աւելի տրամադրէիր

Ժամանակըդ խոր աղօթքին։

 

Հիմա կը հաւատաս ինչպէս

Թէ մարդը մարգարէացաւ,

Չսպասեց ժամերուն վաղուայ,

Իսկ ամէն ժամ յանձնըւեցաւ,

Որքան հոգւով շատ աղօթես,

Այնքան շուտ քեզ կը մօտենայ,

Եւ դուն Իրեն. գուցէ յայնժամ՝

Տեսքով նոյնիսկ Ան երեւնայ։

 

ԿԱՅԼԱԿ

«Ոսկէ Օրէնք» գիրքէն

 

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...