Յունաստան կ՚ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յայտարարոուած համաձայնագրերը՝ որպէս կարեւոր քայլ Հարաւային Կովկասի մէջ տասնամեակներ տեւած հակամարտութեան աւարտի ուղղութեամբ։
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ը կը տեղեկանէ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան տարածած հաղորդագրութենէն, Յունաստանը բարձր կը գնահատէ երկու կողմերու, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ կառավարութեան ջանքերը, որոնք հնարաւոր դարձուցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ առաջընթացը։
Երկու երկիրներու միջեւ վերջնական Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն ու վաւերացումը պիտի ըլլայ յարատեւ խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան ապահովման յաջորդ քայլը`որպէս առաջնորդող սկզբունքներ ունենալով իշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։