image
Հրատապ լուրեր:

«Վստահութիւն չկայ եւ բախումները որեւէ ատեն կրնան վերսկսիլ» Arevelk.am-ի աղբիւր

«Վստահութիւն չկայ եւ բախումները որեւէ ատեն կրնան վերսկսիլ» Arevelk.am-ի աղբիւր

Հալէպի  մէջ բախումները կը շարունակուին Սուրիոյ օրինական բանակին եւ  քրտական «Քասատ»ին միջեւ։ Այս առումով եւ մեր  հետեւորդներուն մանրամասնութիւններ ներկայացնելու նպատակով ստորեւ կը ներկայացնենք Հալէպ գտնուող  «Արեւելք»ի  աղբիւրին վերջին տուեալները։

Հալէպի մէջ ստեղծուած իրավիճակին մասին «Արեւելք»ի աղբիւրը կը պատմէ, թէ «Հիմա ընդհանրապէս կրակմար է, ուշ ատեն իրար հետ համաձայնեցան, որ կրակմար պիտի ըլլայ, բայց թէ ինչ է համաձայնութիւնը՝ յստակ բան չէ յայտարարուած։ Կան տեղեկութիւններ, որ Շէյխ Մաքսուտի եւ Աշրաֆիէի քաղաքացիները կը հեռանան իրենց շրջաններէն եւ կ՚ուղղուին դէպի աւելի ապահով թաղամասեր (ընդ որում  դէպի հայկական թաղամասեր)։

Քաղաքին մէջ գրեթէ ամէն տեղ անցարգելներ (հաճէզ) կան, «մամնուհ թաժաուոլ»ի (ըսել կ՚ուզէ՝ շրջագայութեան արգելք կամ պարէտային ժամ) պէս բան մըն է։ Կրակմարի վիճակ մըն է, բայց կարծես, ինչպէս կ՚ըսեն «ջրհեղեղէն առաջուան հանդարտութիւն» է։ Շէյխ Մաքսուտի ժողովուրդը, ան որ իր բնակավայրն էր, այդտեղէն կը տարհանուի, մարդիկ իրենց տուներէն դուրս կու գան, որովհետեւ ռմբակոծումը այդ կողմերն է, վստահաբար ժողվոուրդը իրենց տուները պիտի ձգէ դէպի աւելի ապահով տեղ երթայ»։

 Հայկական շրջաններուն մասին 

 «Ինչ կը վերաբերի հայկական շրջաններուն, ապա երէկ «Գանձասար»էն եւ տարբեր էջերէն յայտարարութիւններ եղան, որ ամէն մարդ իր տունը մնայ...։ Երէկ կէսօրուան ժամերէն իսկ փողոցներուն մէջ ամայութիւն սկսաւ տիրել եւ բարեբախտաբար Հայ վիրաւորներ չկան։ Ըսեմ նաեւ, որ մինչեւ այս պահը մտավախութիւն կայ, որ ռմբակոծումները որեւէ ժամանակ կրնան ետ սկսիլ, ոչ մէկ վստահութիւն կայ վիճակին։ Յստակացաւ, որ երկու կողմերուն միջեւ անհասկացողութիւն կայ, եւ կը կարծեմ, որ  եղածը մեծ պետութիւններու խաղերուն մաս կը կազմէ»։