Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոճորիշվիլի յունուարի վերջը պիտի այցելէ Հայաստան։ Տեղեկութիւնը յայտնած է նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը` նշելով, որ այդ մասին խօսուած է Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեանի հետ հանդիպման ժամանակ։
Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնն ալ տեղեկացուցած է, որ հանդիպման քննարկուած է ՀՀ–ի եւ Վրաստանի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ:
Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան հարցերուն: