image
Հրատապ լուրեր:

Վրաստանի ԱԳՆ-ի շէնքին առջեւ միջադէպ

Վրաստանի ԱԳՆ-ի շէնքին առջեւ միջադէպ

Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքի մօտ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցի ընթացքին բախում տեղի ունեցած է իրաւապահներու եւ ցուցարարներու միջեւ: 

 Իրավիճակը սրած է, երբ իրաւապահները փորձած են աքթիւիսթ Կիորկի Մժաւանաձէին հեռացնել ցոյցի վայրէն: Ոստիկաններուն խանգարած են այլ ցուցարարներ:

Բողոքի հաւաքը կ'իրականացուէր Ցխինվալի մէջ Վրաստանի քաղաքացի Զազա Գախելաձէի նկատմամբ յայտարարուած դատավճռի դէմ:

Հարաւային Օսիայի ինքնահռչակ հանրապետութեան գերագոյն դատարանը Վրաստանի քաղաքացի, Քուէմո Ճալա գիւղի բնակիչ Զազա Գախելաձէին դատապարտած է 12 տարի 6 ամիս ազատազրկման:

Գախելաձէն մեղաւոր ճանչցուած է 2 մեղադրանքով՝ ՌԴ քրէական օրէնսգիրքի 317 յօդուած (իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցի կեանքի նկատմամբ ոտնձգութիւն) եւ 322 յօդուած (պետական սահմանի ապօրինի հատում):