image

Ուզպեքիստան փակած է իր սահմանը Աֆղանիստանի հետ

Ուզպեքիստան փակած է իր սահմանը Աֆղանիստանի հետ

Ուզպեքիստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Աֆղանիստանի հետ սահմանը ամբողջութեամբ փակ է, «Թերմեզ» անցակէտով ցամաքային անցում չիրականացուիր, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ-ը:

«Անվտանգութեան ապահովման նպատակով ուզպեքա-աֆղանական սահմանը այժմ ամբողջութեամբ փակ է, եւ «Թերմեզ» անցակէտով ցամաքային անցում չիրականացուիր: Մօտ ժամանակներս անցակէտի բացում չի նախատեսուիր», - տեղեկացուցած է գերատեսչութեան մամուլի ծառայութիւնը: 

Նախարարութիւնը զգուշացուցած է, որ սահմանը հատելու որեւէ փորձ, անկախ պատճառներէն, պիտի կասեցուի Ուզպեքիստանի օրէնսդրութեան համապատասխան:

Ինչպէս յիշեցուցած է ԱԳՆ-ն, վերջին 12 օրերու ընթացքին Ուզպեքիստանը օգնութիւն տրամադրած է շարք մը պետութիւններու՝ Աֆղանիստանէն իրենց քաղաքացիները տարհանելու մարդասիրական գործողութիւններու իրականացման գործին, որոնք Ուզպեքիստան ժամանած եւ մեկնած են բացառապէս օդային ճանապարհով: «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրկին կը յայտարարէ, որ Ուզպեքիստանի Հանրապետութիւնը չընդունիր իր տարածքին մէջ աֆղանիստանցի փախստականներ, կը տրամադրէ տարանցիկ անցում, որ կը նախատեսէ երկրին մէջ գտնուելու ժամանակի խիստ սահմանափակում: Կրկին կը շեշտենք, որ ուզպեքական կողմը հաւատարիմ է Աֆղանիստանի հետ աւանդաբար բարեկամական եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու պահպանման եւ հարեւան երկրի ներքին գործերուն չմիջամտելու սկզբունքներուն», - եզրափակած է ԱԳՆ-ն: