image

Ուզեցի թռչիլ

Ուզեցի թռչիլ

Ուզեցի թռչիլ, յիշելո՜ւ նորէն

Մեր սուրբ պատիւը շնչահեղձ երկրի,

Որ նոր սերունդիս պատմեմ հայօրէ՛ն,

Վէրքերն ահաւոր իմ թշուառ ցեղի։

Ուզեցի թռչիլ ազատ, անկաշկանդ,

Հարբած երազըս խանդաբորբելու...

Որ ետ, ե՜տ երթամ դար մը՝ անարդար,

Հայ ազգիս վայրագ ջարդը տեսնելու։

Ուզեցի թռչիլ կայծերով մտքիս,

Եւ մե՜ղմ, լիաշունչ զեփիւռով անտես,

Որ հոգւոյս մէջէն անցնի՛ն ցաւ ու վիշտ,

Որ յստակ տեսնեմ, աչքերով իմ հեզ։

Ուզեցի թռչիլ անդորր ու վայրի,

Անդորր՝ սրտիս լուռ մառախուղին պէս,

Վայրի՝ բիբերու լոյսովն արծիւի,

Որ ո՛չ մի տանջանք խուսափի աչքէս։

Ուզեցի թռչիլ, յիշելո՜ւ նորէն

Մեր սուրբ պատիւը շնչահեղձ երկրի,

Որ նոր սերունդիս պատմեմ հայօրէ՛ն,

Վէրքերն ահաւոր իմ թշուառ ցեղի։

Եւ այսպէս մենա՜կ ուզեցի թռչիլ,

Մուգ տիեզերքին՝ հայու թեւերով,

Որ բորբ ու բոսոր սուրը իմ աչքիս՝

Խոցեմ ի՛ր սրտին, իմ մէկ հարուածով։

 

ԿԱՅԼԱԿ

«Ոսկէ Օրէնք» գիրքէն

 

 

Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974...