Նշենք, որ աւելի վաղ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարը յայտարարած էր, որ Ռուսաստանը առեւտրային նաւերու համար երկու մարդասիրական միջանցք ստեղծած է Սեւ եւ Ազոֆ ծովերուն մէջ։
Ռուսիոյ նախագահն ալ իր հերթին նշած էր, որ «հացահատիկի նաւերը անարգել կրնան անցնիլ, եթէ Ուքրանիան նաւահանգիստները մաքրէ ականներէ»։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Ինտոնեզիոյ մէջ քննարկումներ վարած է իր ռուս գործընկերոջ՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ կապուած Ուքրանիայէն հացահատիկի արտահանման խնդրին։
Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ Լաւրովի հետ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ «հացահատիկի տեղափոխման» հարցը լուծելու միջազգային մեքենականութիւնները։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն:
«Մենք քննարկեցինք, թէ ինչ կարելի է ընել ՄԱԿ-ի առաջարկած մեքենականութեան շրջածիրէն ներս: Եւ մենք այս հարցով մշտական կապի մէջ ենք ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի եւ ուքրանական կողմի հետ: Երէկ այս կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց ունեցայ իմ ուքրանացի գործընկերոջ հետ», -ըսած է Չաւուշօղլուն լրագրողներուն:
Չաւուշօղլուն նաեւ ըսած է, երբ Քիեւն ու Մոսկուան «ցորենի հարց»ի շուրջ համաձայնութեան գան, «անվտանգային գօտի» պիտի ստեղծուի ուքրանական ջուրերէն դուրս: