image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիան կրնայ յաղթել վիշապին. Զելենսքի

Ուքրանիան կրնայ յաղթել վիշապին. Զելենսքի

Տեսանիւթին մէջ նախագահը նշած է, որ Ուքրանիան եւ ուքրանացիները սուփըրհերոսներ դարձած են ամբողջ աշխարհին համար, սակայն անոր համար «ստիպուած եղած են մեծ գին վճարել:

 

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին  կարճ տեսանիւթ հրապարակած է, որուն մէջ ըսած է, որ Ուքրանիան «կրնայ յաղթել վիշապին, որ աշխարհի կէսին ստիպած է դողալ»:

Տեսանիւթին մէջ նախագահը նշած է, որ Ուքրանիան եւ ուքրանացիները սուփըրհերոսներ դարձած են ամբողջ աշխարհին համար, սակայն անոր համար «ստիպուած եղած են մեծ գին վճարել»: Երկրին նախագահը վստահ է, որ ուքրանական դրօշը, Զմէինի կղզիէն յետոյ, ի վերջոյ պիտի վերադառնայ Խրիմ եւ այլ բռնագրաւուած տարածքներ:

«Մեզի համար հեշտ չէ 134 օր քնանալ, բայց այս բոլոր օրերուն մենք գիտենք, թէ ինչու կ'արթնննք, որու համար եւ ամենակարեւորը` որպէս ով: Մենք ուքրանացիներ ենք, պարզապէս մարդիկ, բարի, խաղաղ մարդիկ, մենք յայտնուած են աշխարհի թօփ նորութիւններուն մէջ եւ դարձած ենք սուփըրհերոսներ: Ընդամէնը կը փափաքինք ապրիլ: Ազատ երկրի մէջ: Բայց Աստուած իր ծրագիրը ունի, եւ եթէ մեզի բաժին ինկած է յաղթահարել վիշապին, որմէ աշխարհի կէսը կը դողայ... կը նշանակէ, որ մենք կրնանք այդ ընել... Եւ օր մը անպայման կապոյտ-դեղինը (Ուքրանիոյ դրօշը) պիտի ըլլայ Խրիմի թերակղզին մէջի: Եւ մեր բոլոր բռնագրաւուած քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ: Եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ պիտի հնչէ մեր օրհներգը», ըսած է երկրին նախագահը: