image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանացիք հարուածած են ռուսական շրջաններ. Կան զոհեր

Ուքրանացիք  հարուածած են ռուսական շրջաններ. Կան զոհեր

Կիրակի գիշեր ուքրանական զօրքերը «Թոչքա-Ու» հրթիռներով եւ «Ռեյս» անօդաչու սարքերով գնդակոծած են Ռուսիոյ Քուրսքի եւ Պելկորոտի մարզերու տարածքները, կը յայտնէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

«Այս գիշեր Մոսկուայի ժամանակով ժամը 03:00-էն մինչեւ 03:30 Քիեւի կարգը «Թոչքա-Ու» պալիստիկ հրթիռներով կասետային զինատեսակներով եւ «Տու-143 Ռեյս» անօդաչու սարքերով դիտաւորեալ հարուած հասցուցած է Պելկորոտի եւ Քուրսքի բնակելի թաղամասերուն, ուր զինուորական կէտեր չկան», ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը խոցած են արձակուած բոլոր երեք հրթիռները, սակայն անոցնմէ մէկուն բեկորները ինկած են բնակելի շէնքի վրայ:

Գնդակոծութեան հետեւանքով զոհուած է երեք մարդ: Մասամբ աւերուած է 11 բազմաբնակարան եւ մօտ 40 մասնաւոր շէնք: