Ուաշինկթըն Անգարայի հետ կը բանակցի ռուսական արտադրութեան Ս-400 զենիթահրթիռային համակարգերը Ուքրանիոյ փոխանցելու եւ անոր դիմաց Թուրքիոյ նկատմամբ ընդունած սահմանափակումները վերացնելու շուրջ:
Ուաշինկթընը, մասնաւորապէս, կ'առաջարկէ վերականգնել Թուրքիոյ մասնակցութիւնը «F-35» կործանիչներու ստեղծման եւ արտադրութեան ծրագրին եւ չեղարկել մնացած պատժամիջոցները:
«Մենք մշտապէս կը բանակցինք Անգարայի հետ, կը համոզենք հրաժարիլ «Ս-400» համակարգերէն եւ զանոնք փոխանցել Ուքրանիոյ, անոր դիմաց պատրաստ ենք չեղարկելու պատժամիջոցները եւ թուրքերուն համար դարձեալ բանալ կործանիչներու խրագիրը», ըսած է Փենթակոնի ներկայացուցիչը:
Մոսկուան եւ Անգարան Ս-400 համակարգերու աղմկահարոյց գործարքը կնքած են 2017 թուականին:
Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕ-ի շարք մը երկիրներ խստօրէն քննադատած են Անգարան, նշելով, որ ռուսական արտադրութեան զենիթահրթիռային համակարգերը եւ արեւմտեան սպառազէնը համատեղելի չեն:
Սլովաքիան ստացած է «Patriot» տեսակի ամերիկեան զենիթահրթիռային համակարգեր, ինչի դիմաց Ուքրանիոյ պէտք է փոխանցէ ռուսական արտադրութեան աւելի հին սերունդի «Ս-300» տեսակի ՀՕՊ համակարգեր: