Հայրենի 168.am կայքին հաղորդմամբ ՀՀ նախկին ոստիկանապետ Վլատմիր Գասպարեան առողջական բարդութիւններ ունենալով օրերս հիւանդանոց փոխադրուած է։
Կայքը նաեւ նշած է, որ նախկին ոստիկանապետին մօտ լուրջ բարդութիւններ կան նշելով նաեւ, որ այս օրերուն եղած վիճակը կապ ունի ամիսներ առաջ անոր անցուցած կաթուածին հետ։
Յիշեցնենք, որ Գասպարեան կը համարուի ՀՀ գործող իշխանութիւններուն «սեւ ցուցակ»ի անդամ եւ ան տեւական ժամանակ հալածանքի տակ է։