Հայաստան- Օրեր առաջ Ծաղկաձորի մէջ արկածի հետեւանքով մահացած հայ երիտասարդի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Լոս Անճելոսի մէջ: Այս մասին News. AM-ին յատնած է Կլէյնտէլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան: Նշենք, որ Լեւոն Թովմաս (20 տարեկան) Հայաստան ժամանած էր մասնակցութիւն բերելու համահայկական 6-րդ խաղերուն: Յիշեցնենք, որ Լեւոն Թովմասի հայրը Արամ Թովմաս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի Հ.Մ.Ը.Մ-ի շրջանային վարչութեան անդամ է: