image

Թուրքիոյ Արեւմտեան ամբողջական նեցուկ. Պատճառը Շուէտի առընթեր Անգարայի դրական մօտեցումներն են

Թուրքիոյ Արեւմտեան ամբողջական նեցուկ. Պատճառը Շուէտի առընթեր Անգարայի դրական մօտեցումներն են

Թուրքիոյ կառավարութիւնը, ՆԱԹՕ-ին Շուէտի անդամակցութեան գործընթացին աջակցելէ ետք, Արեւմուտքէն լիակատար աջակցութիւն ստացած է պատժամիջոցներու վերացման եւ վիզային ռեժիմի ազատականացման հարցով: Այս մասին յայտնած է Haberler.com-ը:

«Բարձրաստիճան թուրք պաշտօնեան յայտարարած է, որ Վիլնիուսի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի, Շուէտի վարչապետ Ուլֆ Քրիսթերսընի եւ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկի եռակողմ հանդիպման ժամանակ Թուրքիան լիակատար աջակցութիւն ստացած է Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացի հարցով, ներառեալ պատժամիջոցներու վերացումը եւ վիզային ռեժիմի ազատականացումը»,-գրած է պարբերականը:

Աւելի վաղ ՆԱԹՕ-ի ղեկավար Ենս Սթոլթընպըրկը յայտնած էր, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը համաձայնած է փաստաթուղթերը հնարաւորինս շուտ ուղարկել Թուրքիոյ խորհրդարան՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու Շուէտի յայտը վավերացնելու համար:

Բանակցութիւններու ընթացքին Շուէտը հաստատած է, որ պիտի չաջակցի քրտական Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան ստորաբաժանումներուն եւ ՖԵԹՕ կազմակերպութեան, որոնք Թուրքիան ահաբեկչական կը համարէ:

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը յայտարարած է, որ Թուրքիան եւ Շուէտը պիտի ձեւաւորեն անվտանգութեան երկկողմ մեխանիզմ։ Դաշինքի ղեկավարը նաեւ յայտարարած է, որ ՆԱԹՕ-ի պատմութեան մէջ առաջին անգամ պիտի նշանակուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատուկ համակարգող։