image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիան պատրաստ է աջակցելու երկրաշարժէն վնասուած հայկական եկեղեցւոյ վերականգնման

Թուրքիան պատրաստ է աջակցելու երկրաշարժէն վնասուած հայկական եկեղեցւոյ վերականգնման

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ պիտի աջակցի հայկական Սրբոց Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ վերականգնման։ Այդ մասին յունուար 6-ին Սուրբ Ծննդեան տօնի առթիւ համայնքային ընդունելութեան ժամանակ յայտնած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։

Թուրքիոյ հարաւային Հաթայ նահանգի Իսքենտերուն շրջանին մէջ գտնուող 19-րդ դարու վերջը կառուցուած եկեղեցին վնասուած էր 2023 թուականի փետրուարին թուրք-սուրիական սահմանին տեղի ունեցած 7,8 ուժգնութեամբ երկրաշարժի հետեւանքով։

2025 թուականի դեկտեմբերին Անգարա կատարած այցի ժամանակ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը վնասուած եկեղեցւոյ հարցը քննարկած էր Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմեթ Նուրի Էրսոյի հետ։

Պոլսոյ հայկական Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման պատրիարքը, ներկայացնելով նաեւ Անգարա կատարած այցի արդիւնքները, յայտնած է, որ Սրբոց Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ վերականգնման հարցը ներառուած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեան ծրագրին մէջ։