image

Թուրքիա լուրջ տնտեսական ճգնաժամի առջեւ է. Չաւուշօղլու

Թուրքիա լուրջ տնտեսական ճգնաժամի առջեւ է. Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան անդամներուն հետ հանդիպման ըսած է, որ իր երկիրը աւելի վաղ դիմագրաւած ճգնաժամերէն տարբեր աստիճանի վնասներ կրած է, սակայն ներկայիս աւելի լուրջ ճգնաժամի կը բախի:

«Այսօր մեր ժողովուրդը կը բախի բարձր գնաճի եւ նուազագոյն զամբիւղի գինի բարձրացման խնդիրին: Մենք այդ չենք հերքեր, այդ փաստ է: Սակայն եկէք ընդունինք, որ այս ճգնաժամերը խորապէս կ'ազդեն ամբողջ աշխարհի վրայ», ըսած է Չաւուշօղլուն:

Ան երկրի ընդդիմութիւնը մեղադրած է տնտեսական ճգնաժամը օգտագործելով` ժողովուրդի շրջանակին մէջ դժգոհութեան ալիք բարձրացնելու համար: 

Մայիսին Թուրքիոյ մէջ գնաճը կազմած է 73,5 տոկոս, իսկ 2022 թուականին լիրան արդէն արժեզրկուած է մօտ 20 տոկոսով` անցեալ տարուան 40 տոկոս արժեզրկումէն ետք: