image

Թրքական դիւանագիտութիւն. «Կը դատապարտենք Թէլ Աւիւի յարձակումը»

Թրքական դիւանագիտութիւն. «Կը դատապարտենք Թէլ Աւիւի յարձակումը»

Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը դատապարտեց Թել Աւիւի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած եւ 5 անձերու, ներառեալ ոստիկան մը, մահուան պատճառ դարձած յարձակումը` նշելով. «Մեզի կը տխրեցնէ, որ առնուազն 5 անձեր մահացած են ահաբեկչական յարձակումի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ 29 մարտի երեկոյեան` Պենի Պարաքի մէջ»:

«Մենք մտահոգուած ենք, որ վերջին օրերուն մագլցում արձանագրած յարձակումները ռամատանի ամիսէն եւ Զատկուան տօնէն առաջ շրջանը պիտի վերադարձնեն տագնապի: Մենք ցաւակցութիւն կը յայտնենք Պենի Պարաքի մէջ իրենց կեանքերը կորսնցուցածներու հարազատներուն եւ Իսրայէլի կառավարութեան ու ժողովուրդին, եւ վիրաւորներուն շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք», նշեց դեսպանատունը:

 

Լուրը ՝ «Ազդակ»էն: