Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեհրանի Հայոց թեմը օրերս օժանդակութիւններ ուղղած է արցախահայութեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդարանի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
Թեհրանի հայոց թեմի օժանդակութիւնը՝ Արցախի մեր հայրենակիցներուն արդէն փոխադրուած է:
Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն օգնելու նպատակով, Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի կողմէ կեանքի կոչուած յանձնախումբի, նաեւ Իրանի Իսլամական խորհրդարանի իրանահայ պատգամաւորներու ջանքերով եւ հայրենակիցներու դրամական նուիրատուութիւններու շնորհիւ, օգնութիւններու առաջին բեռնուածքները՝ հինգշաբթի՝ հոկտեմբեր 19-ին փոխադրուեցաւ Հայաստան:
Մի քանի թոն կշռող օգնութիւնը կը ներառէր 2200 ծածկոց, 10 թոն մաքարոն եւ 1200 կապոց եփ ու թուխի սարքեր: Բեռները հինգշաբթի առաւօտեան իրանահայ գործարար եւ օգնութեան յանձնախումբի անդամ Մատթէոս Մատթէոսեանի տնօրինմամբ, «Թոյուրան Աբզար» գործարանի տարածքէն տեղափոխուեցան Հայաստան: Բեռնուածքի մասին բացատրութիւն փոխանցելով յանձնախումբի անդամ Էդուին Միրզայեան ընդգծեց, որ սա սիրելի հայրենակիցներու նուիրատուութիւններով եւ Թ. Հ. Թ. Թեմական խորհուրդի անվերապահ աջակցութեամբ առաջին օգնութիւնն է, եւ ապագային նմանօրինակ օգնութեան 2-րդ բաժինը եւս պիտի փոխադրուի:
Ան ընդգծեց, որ նշուած բեռնուածքէն բացի, գործարարներ Ռազմիկ Խուդաբախշեանի եւ Վահիկ Մանսուրեանի կողմէ եւս նուիրուած են համապատասխան օգնութիւններ, որոնք նաեւ կապոցաւորուած են եւ պիտի փոխադրուին նոյն բեռնուածքով: Բեռնափոխադրման ընթացքին տեղւոյն վրայ նաեւ կը հետեւէր յանձնախումբի անդամ գործարար Յակոբ Յակոբեան: