Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ.ն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը հարցազրոյց մը տուած է «Ալ Մայատին» կայանին: Հարցազրոյցը կատարած է կայանի կրօնական թեմաներու վերլուծաբան-լրագրող՝ Ղասսան Ալ Շամի: Յայտնենք, որ հարցազրոյցի ընթացքին Վեհափառ հայրապետը կարեւոր նշումներ կը կատարէ հայ- արաբական յարաբերութիւններու եւ դարաւոր բարեկամութեան մասին, ինչպէս նաեւ կը խօսի Սուրիոյ մասին յայտնելով, որ Սուրիան պիտի յաղթանակէ բոլոր չարակամներուն եւ սուրիացի ժողովուրդը պիտի յաջողի վերակերտել այդ վիրաւոր երկիրը: Վեհափառ Հայրապետի հարցազրոյցը պիտի սփռուի այսօր Երեւանի ժամանակով երեկոյեան ժամը 22:00-ին, «Ալ Մայատին» կայանէն` www.almayadeen.net